2014-08-31 12:08:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Քրիստոնեան միշտ պէտք է նորոգուի քաղելով Աւետարանի նորութիւններէն''։


Կիրակի, 31 օգոստոս 2014-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:

Աղօթքէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (Գլ 16, 21) ուր Յիսուս աշակերտներուն կ՛աւետէ իր մահն ու Յարութիւնը յայտնեց թէ այդ եղաւ ''կարեւոր պահ մը ուր ակնյայտ դարցաւ Յիսուսի եւ աշակերտներուն մտածողութեան հակադրութիւնը''։ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց թէ նոյնիսկ ս. Պետրոս պարտականութիւնը զգաց հանդիմանելու Վարդապետը եւ թէ ինչպէս Յիսուս` իր կարգին, խստօրէն կը հանդիմանէ Պետրոսը քանի ''անոր ըմբռնումները աստուածային չեն այլ մարդկային'', ու անգիտակցաբար ան սատանայի` գայթակղիչին դերը կը խաղար։

''Կ՛ապրինք աշխարհի մէջ եւ լիովին մաս կը կազմենք մեր ժամանակակից ընկերային եւ մշակութային իրողութեան'' – յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ ''այս մէկը սակայն կը յառաջացնէ վտանգը որ մենք դառնանք ''աշխարհիկ'' եւ ''աղը իր համը կորսնցնէ'', այսինքն քրիստոնեան կորսնցնէ Տիրոջմէ ու Սուրբ Հոգիէն բխած նորութիւններու ուժականութիւնը։Մինչ պէտք է հակառակը ըլլայ` երբ Քրիստոնեային մէջ ողջ է Աւետարանի ուժը, Ան կարող է բարեփոխել, ''դատումի չափանիշերը, որոշակի արժէքները, միաւորող կէտերը, մտածողութիւնները, կեանքի տիպարնեն ու ներշնչումի աղբիւրները'' (Պօղոս Զ.` Evangelii nuntiandi, 19)։
''Ասոր համար հարկաւոր է միշտ ''նորոգուիլ'' քաղելով Աւետարանի նորութիւններէն։ Ամէն օր սերտելով Աւետարանը, այնպէս որ Յիսուսի խօսքը միշտ ներկայ ըլլայ մեր կեանքին մէջ։ Ներկայ գտնուիլ Կիրակնօրեայ սուրբ Զոհին, ունկնդրելով Անոր Խօսքը եւ ընդունելով Անոր Մարմինն ու Արիւնը։ Աւետարան, աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութիւն` Տիրոջ այս պարգեւներուն շնորհիւ մենք կրնանք համակերպիլ ոչ թէ աշխարհին այլ Քրիստոսին, հետեւելով անոր ուղիին, սիրոյ համար նուիրելով մեր կեանքը, զոհողութեամբ ու խաչով, որպէսզի ապա վերագտնենք զայն, բիւրեղացած եւ ազատուած եսասիրութենէն ու մահուան ստրկութենէն եւ լիացած յաւիտենականութեամբ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակելով ու հայցելով Աստուածամօր Հովանին որպէսզի մեզ առաջնորդէ այդ ճանապարհի վրայ։
Սրբազան Հայրը ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու զանազան խումբերը անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու ապա բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի եւ ի քաղցր տեսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.